2011-04-18 12:18:53

Նիկել Մարգուս Պէյքըր` Անգլիոյ Նոր Դեսպանը Ս. Աթոռին Մօտ։


Նիկել Մարգուս Պէյքըր` Ս. Աթոռի մօտ անգլիոյ նոր դեսպանը յառաջիկայ օգոստոսին պիտի ստանձնէ իր պաշտօնը ։ Ան կը յաջորդէ ֆրանսիս Գամբելին, որ 2005էն ի վեր այդ պաշտօնին վրայ է։
Նիկել Մարգուս Պէյքըրի գնահատումով՝ Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետի Անգլիա այցելութենէն ետք, անցեալ սեպտեմբերին, սերտ համագործակցութիւն հաստատուած է երկու պետութիւններու միջեւ։ Վերջերս Անգլիոյ դեսպանութիւնը հրապարակած է, անցեալ 16 ապրիլին, Եղիսաբէթ թագուհիին յղած բարեմաղթութիւնները Սրբազան Քահանայապետին, Նորին Սրբութեան ծննդեան տարեդարձին առթիւ, որուն մէջ Թագուհին գորովով վերակոչած է Սրբազան Քահանայապետին այցելութիւնը Անգլիա։








All the contents on this site are copyrighted ©.